2016-04-02 08:53:00

Կարդինալ Քոմասթրի` ՅՊԲի մահուան 11-րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2 Ապրիլ 2005-ին,իր մահկանացուն կը կնքէր սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը։ Անոր մահուան 11-րդ տարեդարձը այս տարի եւս կը զուգադիպի Աստուածային Ողորմութեան տօնի նախօրեակին։ Տօն մը որ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անձամբ հաստատած էր։

Կարդինալ Քոմասթրի` Պապին տեղապահը վատիկանի մօտ, այս առթիւ, ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ -ի մահուընէ մի քանի օր  առաջ պատահած մէկ դէպքի մասին. ''30 մարտ 2005-ին, իր կեանքին վերջին չորեքշաբթի օրը, ժամը 10-ին, ՅՊԲ իր քարտուղարին կ՝ըսէ` այսօր չորեքշաբթի օր է, կ՝ուզեմ խօսիլ ս. Պետրոս համախմբուած հաւատացեալներուն հետ, անոր քարտուղարը կը ջանայ զինք համոզել որ հանգիստ ընէ, սակայն ան կը պնդէ եւ վճռակամ կ՛ըսէ` ''չեմ ուզեր յուսախաբ պահել հաւատացեալները''։

ՅՊԲ մահամերձ վիճակի մէջ, կը շարունակէր ուրիշներուն մտածել. ըսաւ Կարդինալ Քոմասթրի եւ աւելցուց.''Երբ հոգին աւանդեց Աստուածային Ողորմութեան երեկոյեան ժամասացութիւնը կը կատարէինք։ Նախախնամական պահ մըն էր։ Քահանայապետը որ այնքան խօսեցաւ Աստուծոյ ողորմութեան մասին և աշխատեցաւ մարդոց ճանչցնել Աստուծոյ գեղեցիկ դիմագիծը, իր հոգին աւանդեց ճիշտ այն օրը երբ եկեղեցին կը յիշատակէր իրմէ հաստատուած Աստուածային ողորմութեան տօնը''։

Կարդինալ Քոմասթրի ապա նշեց թէ Ս. ՅՊԲ Աստուածային ողորմութեան մասին վկայութիւն տուաւ ներումի ու ճշմարտութեան քարոզութեամբ, որովհետեւ ներումն ու ճշմարտութիւնը երկու ջահեր են, որոնք կու գան ողորմութենէն։ Ան իրեն դէմ իրագործուած մահափորձէն ետք, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթքի ու ներումի, հոս` ի յայտ կու գայ կաթողիկէութեան գեղեցկութիւնը։ Երկրորդ ջահը՝ ճշմարտութիւնն է։ ՅՊԲ ս. պապը վառեց այդ ջահը երեք շրջաբերական թուղթերով՝ ''ճշմարտութեան Գեղեցկութիւնը. Կեանքի Աւետարանը.  Հաւատք ու Տրամաբանութիւն'' ու բազմաթիւ ճառերով։ Ան հրապարակաւ վկայութիւն տուաւ ճշմարտութեան, քանի ճշմարտութիւնը ծառայութիւնն մըն է ողորմութեան։

ՅՊԲ ս. Քահանայապետը երկու ջահերը վառ պահեց. Ներումի ջահը քանի Տէրը միշտ պատրաստ է ներելու և ըսելու ճշմարտութիւնը։

ՅՊԲ սուրբ պապը ողորմութեամբ հարուստ շրջաբերական թուղթին մէջ կ՝ըսէ ''ներկայ աշխարհը գիտակից է որ գիտութիւնը ինքնին բաւարար չէ, որպէսզի մարդկութիւնը երջանիկ ըլլայ։ Մարդը պէտք ունի ճշմարիտ ընկերոջ մը ։ Արդի մարդը կը կարծէ դառնալ գերմարդ մը, մինչ կ՝անդրադառնայ թէ խեղճուկ մըն է, եւ կարիքը ունի աստուածային ողորմութեան''։ 

Ս. ՅՊԲ գիտէր այդ ճշմարտութիւնը, մինչ ֆրանչիսկոս Պապը ողորմութիւնը դարձուց իր քահանայապետութեան կարգախօս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.